ՙՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ՝ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԻՐ ՑՈՒՑԱԲԵՐԱԾ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ՚
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՙԶՈՒԻՑԵՐԻԱՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿՈՂՔԻՆ՚
ԴՈԿՏ. Կ. ԼՕԽԸՐ
Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու Նախագահին՝ Տոքթ Կոթֆրիտ Լոխըրին ի պատիւ տրուած ընդունելութեան խօսք առնելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմական յարաբերութիւններուն: Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. ՙՄեր ժողովուրդը ու եկեղեցին խոր երախտագիտութեամբ կը յիշէ այն զօրակցութիւնը զոր ցոյց տուիք հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութենէն յետոյ՝ մեր ժամանակակից պատմութեան մէկ ճակատագրական հանգրուանին: Հանգանակութիւններ կազմակերպեցիք գաղթական հայ ժողովուրդի տառապող զաւակներուն համար, ծերանոց ու կուրանոց հիմնեցիք Սուրիոյ, Լիբանանի ու Յունաստանի մէջ, կարիքաւոր աշակերտներուն կրթանպաստ յատկացուցիք, որպէսզի ինքզինք վերակազմակերպէ մեր ժողովուրդը՚: Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙՀայ եկեղեցւոյ ու Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու միջեւ միջ-եկեղեցական սերտ գործակցութիւն եղած է ու կը շարունակուի աստուածաբանական երկխօսութեան, Արմենօֆասի գործունէութեան եւ այլ ճամբաներով:՚ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը յիշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներու միջեւ շարուակուող գործակցութինը, յատկապէս Ազունիէի բուժարանի եւ ծերանոցի ու կուրանոցի ճամբով:
Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Հայ Դատի գծով Զուիցերիոյ զօրակցութեան, ըսաւ. ՙՁեր այցելութիւնը մեր Սուրբ Աթոռին կը զուգադիպի Ապրիլ 24-ին, մեր նահատակներու ոգեկոչման նախօրեակին: Արդարեւ, թէ՜ Զուիցերիոյ պետութիւնը եւ թէ եկեղեցիները ո՜չ միայն ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, այլ ամէն առիթով իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն հայ ժողովուրդի արդար դատին: Հայ ժողովուրդի դատը արդարութեան դատ է: Եկեղեցին չի՜ կրնար անտարբեր մնալ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման նկատմամբ եւ Զուիցերիոյ եկեղեցիները անտարբեր չմնացին: Միջազգային համայնքը պէտք է ճանչնայ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը եւ մեր ժողովուրդին իրաւունքները հատուցէ: Սա մեր ժողովուրդին արդար պահանջքն է: Վստահ ենք, որ Զուիցերիան, իր պետութեամբ, ժողովուրդով ու եկեղեցիներով պիտի շարունակէ զօարվիգ կանգնիլ հայ ժողովուրդի արդար դատին՚, եզրակացուց Վեհափառը եւ ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ասպետի շքանշանով պարգեւատրեց Տոքթ. Լոխըրը:
Պատասխանելով Վեհափառ Հայրապետի խօսքին, Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու Նախագահ Տոքթ Լոխըր նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին ցուցաբերած ազնիւ հիւրասիրութեան ու գնահատանքին համար, ինչպէս նաեւ Ասպետի շքանշանի պարգեւատրման համար: Ան ըսաւ, որ ՙայս պարգեւատրումը ու գնահատանքը իմ անձիս ճամբով կ’երթայ մեր եկեղեցիներու ու Զուիցերիոյ ամբողջ ժողովուրդին՚: Տոքթ Լոխըր ըսաւ, թէ ՙԶուիցերիոյ նոր սերունդը իրենց ծնողներէն իմացած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ թէ ինչպէս Զուիցերիոյ ժողովուրդը ու յատկապէս եկեղեցիները փութացած են հայ ժողողուրդի օգնութեան: Խօսելով Ցեղասպանութեան ու Հայ Դատին մասին Տոքթ. Լոխըր ըսաւ, որ ՙմենք պիտի շարունակենք միշտ ըլլալ Հայ Ժողովուրդի ու անոր դատին ու արդարութեան կողքին՚: Երկուշաբթի առաւօտ Տոքթ. Լոխըր Վեհափառ Հայրապետին հետ առանձին հանդիպում մը ունենալէ յետոյ մեկնեցաւ:
Տոքթ. Լոխըր Բողոքական եկեղեցիներու միջազգային յարաբերութեանց պատասխանատուին Դոկտ. Օլիվիէ Ֆորներոյին հետ միասին Անթիլիաս ժամանեց Շաբաթ երեկոյեան: Ժամանումէն անմիջապէս յետոյ ան առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ: Ապա, Տոքթ Լոխըր Վեհափառ Հայրապետին ընթրիքի հիւրը եղաւ: Ընթրիքին ներկայ էին նաեւ Արմենօֆասի մարմնի Զուիցերիոյ անդամները: Կիրակի առաւօտ Տոքթ Լոխըր ներկայ եղաւ Սուրբ եւ անմահ Պատարագին Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ: Կիրակի կէսօրէ յետոյ Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքեց ի պատիւ իր հիւրին: Ընդունելութեան ներկայ էին պետական հայ նախարարներ, երեսփոխաններ, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, համայնքի պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Բողոքական համայնքի ներկայացուցիչներ:
Յայտնենք, որ Բողոքական եկեղեցիները Զուիցերիոյ բնակչութեան շուրջ յիսուն առ հարիւր համեմատութիւնը կը կազմեն եւ գործօն դերակատարութիւն ունին քաղաքական, հասարակական ու միջ-եկեղեցական մարզէն ներս: