Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 18-րդ տարեդարձին առիթով

Կիրակի 16 Յունիս 2013-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք, Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 17-րդ տարեդարձին բարեբաստիկ առիթով: Մայր Տաճարին մէջ յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին Միաբան Հայրեր Աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին, եւ աղօթքներ կարդացին, բարւոք ծառայութիւն եւ արեւշատ օրեր մաղթելով Վեհափառ Հայրապետին եւ անսասանութիւն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Սուրբ Աթոռին:

 

Պատարագիչն էր, Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը։ Սրբազան Հայրը, իր քարոզին մէջ վեր առաւ Վեհափառ Հայրապետի նուիրեալ ծառայութեան բազում երեսները, քաջ հովուապետի պատկերին մէջ: Սեպուհ Սրբազան յատուկ կերպով խօսեցաւ Նորին Սրբութեան հոգեւորի տիպարին մասին, եւ Վեհափառով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ստացած փայլքին ու շողքին, տեղական ու մանաւանդ միջազգային շրջաններէ ներս։ Ի Վերջոյ, Սրբազան Հայրը յանուն Միաբանութեան եւ համայն հաւատացեալ Հայ ժողովուրդին, արեւշատութիւն եւ քաջառողջութիւն մաղթեց Նորին Սրբութեան, որպէսզի շարունակէ իր նուիրեալ ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին:

 

Պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբաններ, Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Պատգամաւորներ եւ հաւատացեալներ Վեհարանի դահլիճ բարձրացան, ուր նաեւ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ»-ի մրցանակաբաշխութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ, ըսաւ. «Հոգեւորականը ինչ պաշտօնի վրայ ալ ըլլայ, իր առաքելութիւնը ծառայութիւնն է։ Ծառայութիւնը ճամբայ մըն է, ուրկէ բոլորս ալ պէտք է քալենք, տարբեր հանգամանքներով, շեշտաւորումներով ու առաջնահերթութիւններով։ Սակայն, Հայ հոգեւորականին ճամբան նոյնն է։ Այս է որ կը սպասէ մեր ժողովուրդը եկեղեցիէն։ Այսպէս եղաւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Ինք։ Ինքզինք որպէս ծառայ ներկայացուց, ապրեցաւ ու գործեց որպէս ծառայ։ Այս է Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած քրիստոնեայ մարդուն ճամբան։ Ա՛յս է Հայ հոգեւորականին ճամբան»։

 

Աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով շնորհաւորեցին Վեհափառ Հայրապետին Ընտրութեան եւ Օծման 18-րդ տարեդարձը եւ ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։