25 May, 2013

Միջ-եկեղեցական հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ

Երեք օրեր առաջ, շուրջ 40 հոգիներ ներկայ գտնուեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած միջ–եըկեղեցական հանդիպումին: Ներկաները կը ներկայացնէին Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ, գերմանիոյ, Շուէտի, Նովեկիոյ, Դանիոյ, Ինտոնիզիոյ ու Հնդաստանի այն եկեղեցիները, որոնք միջ–եկեղեցական գործակցութիւն հաստատած են Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՄԱԵԽ–էն ներս Աւետարանական ընտանիքի Նախագահը, Ընդհ.անուր Քարտուղարը եւ Գործադիր Վարչութեան կարգ մը անդամները :

 

Ողջունելով ներկաները, Վեհափառ Հայրապետը նախ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց, որ եկեղեցիներ, յատկապէս Արեւմուտքի մէջ, որպէս գործակից ո՜չ միայն նիւթապէս կը սատարեն Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի զանազան ծրագիրներուն, այլ նաեւ անոնք մեր մտահոգութիւններուն ու սպասումներուն թարգմանը կը հանդիսանան իրենց ժողովուրդներուն ու պետութիւններուն մօտ: Ապա Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ կէտերուն մէջ ամփոփեց իր խօսքը.– ա) Միջին Արեւելքը կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապներ ու մարտահրաւէրներ: բ) Քրիստոնեայ համայնքները, որպէս անբաժան մասը Միջին Արեւելքին, բնականաբար ենթակայ են շրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն: գ) Քրիստոնեայ համայնքները կառչած կը մնան Միջին Արեւելքին, որ ծննդավայրն է քրիստոնէութեան, եւ տէր կը կանգնին իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն: դ) Քրիստոնեայ համայնքները, ինչպէս անցեալին, միշտ պատրաստ են գոյակցելու իսլամութեան հետ փոխադարձ յարգանքի ու հասկացողութեան հիման վրայ: զ) Քրիստոնեայ համայնքները կը մերժեն ամէն տեսակ բռնութիւն: Անհրաժեշտ է գոյութիւն ունեցող հարցերն ու տարակարծութիւնները երկխօսութեան ճամբով լուծել:

 

Այս կէտերուն շուրջ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրառանալէ յետոյ իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ խօսեցաւ ՄԱԵԽ–ի ներկայ կացութեան մասին: Այս ծիրէն ներս Վեհափառը յիշեց որ վերջին մի քանի տարիներուն Խորհուրդին դիմագրաւած տնտեսական ու վարչական դժուարութիւնները նուազագոյնի իջած են եւ երկու ամիսներ առաջ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Գործադիր Վարչութեան ժողովը աշխաքտանքի նոր ուղեգիծ մը ճշդած է: Վեհափառը ըսաւ ժամանակն է որ Արեւմուտքի եկեղեցիներ կրկնապատկեն իրենց օժանդակութիւնը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն, յատկապէս քրիստոնէական դաստիարակութեան ու ընկերային ծառայութեան բնագաւառներէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց Սուրիոյ գաղթականներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն  անմիջական օժանդակութեան հրամայականը:

 

Վեհափառը իր խօսքէն ետք պատասխանեց իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն: Ապա ներկաները այցելեցին Նահատակաց մատուռը եւ իրենց յարգանքը արտայայտեցին մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:

More News