Այս առաւօտ, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան աւագ խորհրդատու Սարգիս Եողուրթճեանը:
Լիբանան ծնած եւ իր համալսարանական ուսումը Միացեալ Նահանգներու մէջ ստացած Սարգիս Եողուրթճեան աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր կարեւոր պաշտօններ կը վարէ տնտեսական բնագաւառէն ներս: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան մէջ իր ստանձնած կարեւոր պատասխանատուութեան առընթեր, ան անդամ է Միացեալ Նահանգներու Դրամատուներու Վերահսկիչ Յանձնախումբին, խորհրդատու՝ Միջազգային Տնտեսական Հիմնադրամին (IMF) եւ ատենապետ՝ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի Դրամատուներու Վերահսկիչ Մարմնին: Ան նաեւ մեծապէս օգտակար եղած է Հայաստանի անկախացումէն յետոյ Հայաստանի դրամատնային նոր համակարգի վերահաստատման:
Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպումը առիթ մը եղաւ խօսելու առաւելաբար մեր ազգային կեանքին առնչուած նիւթերու ու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան մասին: