Չորեքշաբթի 26 Յունիս 2013-ին, Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական բարեկարգման յանձնախումբը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, իր հերթական հանդիպումը սկսաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն յանձնախումբի անդամներն են՝ Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեան, Գերշ. Տ. Արշակ Եպս. Խաչատրեան, Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեան եւ Հոգշ. Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան: Հիւրաբար հանդիպումներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեանն ու Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը։ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան կողմէ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Յանձնախումբը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ յառաջիկայ երկու օրերուն ալ, վերջնական բնագիր եւ բացատրական ուեղցոյց մը ներկայացնելու համար Եպիսկոպոսաց ժողովին։
Կէսօրին, ժողովի մասնակիցները ճաշի հիւրը եղան Վեհափառ Հայրապետին։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց յառաջիկայ Եպիսկոպոսաց ժողովի գումարման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական բարեկարգութեան հրամայականը։