«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»-Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ՝
«Դուք էք հպարտութիւն ու վստահութիւն ներշնչող այն պատասխանը, որ երիտասարդ սերունդը տէրն է իր ազգային գիտակցութեան եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան գոյապայքարին»
Իրերայաջորդ հինգ շաբաթներու վրայ երկարած սուր մրցակցութենէ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ չորս տարի առաջ սկսած «Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի աշակերտական ամենամեայ մրցումներուն չորրորդ հանգրուանը վերջ գտաւ եզրափակիչ հանդիսութեամբ, Կիրակի 16 Յունիս 2013-ի կէսօրին, Կաթողիկոսարանի Վեհարանին մէջ: Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանը ամբողջութեամբ գրաւուած էր բախտաւոր աշակերտ-աշակերտուհիներու, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, տնօրէններու, ծնողներու եւ ազգայիններու կողմէ, որոնք եկած էին ներկայ գտնուելու մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան եւ աջահամբոյրով շնորհաւորելու Արամ Ա. Կաթողիկոսը` իր գահակալութեան 18-ամեակին առիթով:
Հանդիսութեան բացումը կատարելով` կազմակերպիչ մարմինի անունով Կաթողիկոսարանի Կրթական եւ Հայագիտական հարցերու գրասենեակի վարիչ Սարգիս Կիրակոսեան ուրախութեամբ անդրադարձաւ, որ ինչպէս նախորդ երեք տարիներուն` այս տարի ալ լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական գրեթէ բոլոր վարժարանները բերին իրենց ամբողջական մասնակցութիւնը: 2012-2013 կրթական տարեշրջանի Հայ լեզուի եւ գրականութեան, Հայոց պատմութեան, Հայ մշակոյթի եւ կրօնագիտական նիւթերու եւ Ասմունքի երեք մրցումներուն այս տարի մասնակցեցան 4 միջնակարգ եւ 12 միջնակարգ ու երկրորդական բաժիններ ունեցող դպրոցներ` 115 աշակերտ-աշակերտուհիներով:
«Մրցակցութիւնը եղաւ սուր: Ընդհանուր միջինները` շատ մօտ իրարու, իսկ մրցակցութիւնը` աւելի քան գոհացուցիչ: Փաստօրէն, տասնվեց մասնակից դպրոցներէն այս տարի տասը դպրոց մրցանակներու տիրացաւ», յայտարարելէ ետք, Սարգիս Կիրակոսեան ուրախութեամբ նշեց, թէ այս իրողութիւնը պերճախօս ապացոյցն է մրցումին անփոխարինելի պահանջին, անոր յառաջացուցած համընդհանուր խանդավառութեան եւ Կաթողիկոսարանի վարկին ու հեղինակութեան, ինչպէս նաեւ` մրցանքին բծախնդիր պատրաստութեան եւ դատակազմերուն որդեգրած անաչառ արժեւորումին:
«Ահա թէ ինչու յաղթեցին բոլորը: Յաղթեց լիբանանահայ վարժարանը, յաղթեց ողջ լիբանանահայութիւնը, եւ առաջին հերթին` իր զաւակը Հայ ոգիի եւ միտքի Մեսրոպաշունչ դարբնոցին վստահած Հայ գիտակից ծնողքը» շեշտելէ ետք, Ս. Կիրակոսեան եզրափակեց, որ մրցանակակիր 18 աշակերտները կը կազմեն Արամ Ա. Վեհափառի ընտրութեան եւ օծման 18-րդ տարեդարձը շնորհաւորող գեղեցիկ ծաղկեփունջը` «բոլորիս անունով Ձեզի մաղթելու քաջառողջութիւն, մշտամնայ պայծառութիւն ու երկարամեայ բազմաբեղուն գահակալութիւն»:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, երբ միջնակարգ ու երկրորդական բաժիններու ասմունքի մրցանակակիրներ՝ Անժելինա Սարգիսեան եւ Նարեկ Լաքլաքեան յաջորդաբար արտասանեցին Հենրիկ Թումանեանի «Հերոսուհի մայր» եւ Պարոյր Սեւակի «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ» բանաստեղծութիւնները:
Ապա, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը (մրցանակակիրներուն անուանացանկը տեսնել քիչ անդին): Հասած էր եզրափակիչ սրտայոյզ պահը` լսելու Վեհափառին Հայրական խօսքը:
«Վերջին տարիներուն յաճախ խօսեցանք Հայ լեզուի անփառունակ ներկային եւ տարուէ տարի աւելի շեշտուող որակական նահանջին մասին: Տագնապեցաւ նաեւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ու զարգացման ջահակիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որ խօսքէն գործի անցնելով` կազմակերպեց յատուկ խորհրդաժողովներ, յառաջացուց Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովը եւ սկսաւ առնել գործնական քայլեր: Այս բոլորը անշուշտ գնահատելի եւ անյետաձգելի քայլեր են: Պէտք է կատարուին եւ կը կատարուին: Բայց մեր խոր համոզումն ու սպասումն է, որ Հայ ընտանիքը ըլլայ առաջին նախաձեռնողը այս համազգային պայքարին, որովհետեւ արեւմտահայերէնին եւ մեր ազգային արժէքներուն, աւանդներուն ու սրբութիւններուն առաջին պաշտպանն ու ուսուցիչը Հայ ընտանիքն է» հաստատումը կատարելէ ետք, Արամ Ա. Վեհափառ յայտնեց իր խոր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը եւ առ այդ շեշտեց. «Դուք էք հպարտութիւն ու վստահութիւն ներշնչող այն պատասխանը, որ երիտասարդ սերունդը տէրն է իր ազգային գիտակցութեան եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան գոյապայքարին»:
Ապա, հաւաքական գոյապայքարի դաշտերն ու զէնքերը մասնաւորելով` Վեհափառը հանգամանօրէն կանգ առաւ Հայ գիրքի եւ ընթերցանութեան անփոխարինելի կարեւորութեան վրայ եւ առ այդ շեշտեց. «Կ’ապրինք դժուարին օրեր, բազմատեսակ արդիական մարտահրաւէրներ կը սպառնան ո՛չ միայն մեր մեծասքանչին, այլեւ` մեր ազգային ինքնութեան: Հետեւաբար, գիրքը է՛ եւ կը մնայ մեր մեծագոյն զէնքը, մեր ինքնութեան դարբնոցն ու հնոցը: Ահա թէ ինչու որքա՜ն կարեւոր է Հայ գիրքը, որովհետեւ առանց Հայ գիրքի ամէնօրեայ ընթերցանութեան` աղքատ պիտի մնայ մեր կեանքը, առանց Հայ գիրքի էջերէն յորդող կենարար աւիշին` խոցելի պիտի դառնայ ձեր ազգային ինքնութեան կազմաւորումը եւ մութ ու անորոշ` մեր ներկան ու ապագան»:
Եզրափակելով` Արամ Ա. Կաթողիկոս կրկին անգամ բարձր գնահատեց լիբանանահայ վարժարաններու կրթական պատասխանատուներուն, տնօրէններուն եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն անխոնջ նուիրումն ու ճիգերը եւ մրցանակակիր աշակերտները նկատեց իրեն ընծայուած լաւագոյն նուէրը` իր գահակալութեան 18-ամեակին առիթով:
Ստորեւ կու տանք մրցանակակիր աշակերտ-աշակերտուհիներուն անուանացանկը:
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ»
2012-2013 (Դ. ՏԱՐԻ)
«ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՄՐՑԱՆՔ
ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ
______________
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻՆԵՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Սարին Մանուկեան Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Գոլէճ
ԵՐԿՐՈՐԴ
Նարինէ Մարգարեան Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Սրբուհի Ագնէս Վարժարան
ԱՌԱՋԻՆ
Սեւանա Պոյաճեան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Նարեկ Շարոյեան Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Գոլէճ
ԵՐԿՐՈՐԴ
Վարդ Զէյթլեան Ազգ. Յառաջ — Գ. Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարան
ԱՌԱՋԻՆ
Միրնա Գասամանեան Ազգ. Յառաջ — Գ. Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարան
«ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՄՐՑԱՆՔ
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ
__________________
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻՆԵՐ
ԱՌԱՋԻՆ
Դանիէլ Աւետիքեան Հայ Աւետարանական Շամլեան — Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարան
Շուշան Քէշիշեան Հայ Աւետարանական Գոլէճ
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Նաթալի Մարկոսեան Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
ԵՐԿՐՈՐԴ
Լուսին Գաբլանեան Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Գոլէճ
ԱՌԱՋԻՆ
Հրայր Սրկ. Տաղլեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
«ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ
ԿՐՕՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ»-ՈՒ ՄՐՑԱՆՔ
ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ
_______________
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻՆԵՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Ռիթա Քերթէնեան Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
ԵՐԿՐՈՐԴ
Ռիթա Մելեքեան Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան
ԱՌԱՋԻՆ
Նարօտ Սերուժեան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Ժանէթ Օհանեան Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Գոլէճ
ԵՐԿՐՈՐԴ
Արենի Խաչատուրեան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
ԱՌԱՋԻՆ
Մելիսա Գուճանեան Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Գոլէճ
«ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ
ԿՐՕՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ»-ՈՒ ՄՐՑԱՆՔ
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ
________________
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻՆԵՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Սէրուժ Հանտեան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
ԵՐԿՐՈՐԴ
Թամար Բախտիկեան Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
ԱՌԱՋԻՆ
Գարին Գէորգեան Ազգ. Յառաջ — Գ. Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարան
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Պետրոս Կ.Ս. Մանճիկեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
ԵՐԿՐՈՐԴ
Բալիկ Պալապանեան Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
ԱՌԱՋԻՆ
Մեղրի Երէցեան Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Գոլէճ
«ԱՍՄՈՒՆՔ»-Ի ՄՐՑԱՆՔ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ
_____________
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻՆԵՐ
ԱՌԱՋԻՆ
Ռազմիկ Տէրունեան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Հերա Տէտէեան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
ԵՐԿՐՈՐԴ
Շահէն Արապօղլեան Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
ԱՌԱՋԻՆ
Անժելինա Սարգիսեան Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Գոլէճ
«ԱՍՄՈՒՆՔ»-Ի ՄՐՑԱՆՔ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ
_______________
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻՆԵՐ
ԱՌԱՋԻՆ
Մեղրի Պետրոսեան Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Գոլէճ
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Արին Պուրսալեան Ազգ. Յառաջ — Գ. Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարան
ԵՐԿՐՈՐԴ
Սարին Էքմէքճեան Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան
ԱՌԱՋԻՆ
Նարեկ Լաքլաքեան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Դարուհի-Յովակիմեան Երկրորդական Վարժարան