Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջազգային Հայ Արաբ Իրաւական Խորհուրդը ներկայացնող պատուիրարկութիւն մը, առաջնորդութեամբ Եգիպտոսի Փաստաբաններու Սենտիքայի Նախագահ եւ Արաբ Փաստաբաններու Միութեան Ընդհանուր Քարտուղար Սամէհ Աշուրի, Յորդանանի Միութեան փոխ Նախագահ Սամիհ Խըրէյսի, ինչպէս նաեւ Մորոքէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն իրաւաբաններ, որոնք մաս կը կազմէն յիշիալ Խորհուրդին։ Հանդիպումին ներկայ էր Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։
Պատուիրարկութեան անդամները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին Միջազգային Հայ Արաբ Իրաւաբանական Խորհուրդի կազմութեան նպատակը որ կը բխի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը իրաւական հիմունքներով փաստարկելու եւ զայն միջազգային ատեաններու ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնէն։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով նախաձեռնութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց
ա . Հայոց Ցեղասպանութիւնը կրօնական խնդիր չէ, այլ քաղաքական խնդիր է,
բ. Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը համամարդկային խնդիր է եւ մարդու իրաւանց հարց։
գ. Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրը արդարութեան եւ իրաւունքի խնդիր է, հետեւաբար, բոլոր անոնք որոնք կը հաւատան արդարութեան, իրաւունքի եւ մարդկային իրաւունքներու,պարտին հետամուտ ըլլայ պահանջելու Հայոց հանդէպ գործուած անարդարութեան վերացումը անկախ կրօնական, համայնքային, դաւանական թէ ազգային պատկանելիութիւններէ։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է իսլամական աշխարհին եւ յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ ծանօթացնել հայութեան իրաւունքներուն հարցը եւ Օսմանեան թուրքերու կողմէ գործուած ցեղասպանութեան արհաւիրքը, մանաւանդ որ արաբական աշխարհը ինք ընդունած է ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութեան բեկորները ու ծանօթ է անոնց պատմութեան, իսկ այսօր ականատէս է թրքական լայնատարած միջամտութեան արաբական աշխարհին մէջ։
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումի աւարտին, պատուիրարկութեան անդամները յուշանուէր մը յանձնեցին Վեհափառ հօր, ապա այցելեցին Ապրիլեան նահատակաց մատուռը։