ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներուն վերջինը եւ խաչի տօներուն երկրորդը՝ Վերացման Սուրբ Խաչի տօնը այս տարի եւս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

 

Արդարեւ, Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան:

 

Պատարագիչ Սրբազանը որպէս բնաբան ընտրած էր «Քեզմէ ակնածողներուն դրօշ մը տուիր, որպէսզի ազատին մահացու աղեղէն» (Սղ 60.4) համարը: Ան մատնանշեց, թէ դրօշը՝ Խաչը Տէրը Ինքն է, եւ երբ Ան ներկայ է մեր կեանքին մէջ, ուրեմն թշնամիին բոլոր յարձակումները պարտութեան կը մատնուին: Սրբազանը աւելցուց, որ խաչը անձեռագործ դրօշն է Երկինքի Արքայութեան, եւ անոնք, որոնք նայեցան խաչին փրկուեցան: Խօսելով խաչին մասին՝ Սրբազանը յիշեցուց, թէ «Խաչ դրօշը» Աստուածաշունչին մէջ «Դրախտին մէջ անմահութեան Կենաց Ծառը» կը ներկայացնէ եւ «Աբրահամ հաւատքի հօր որդիին` Իսահակի զոհագործման ուսին դրուած փայտերը» ու « Մովսէսի ձեռքին Աստուծոյ գաւազանը, որով բացաւ Կարմիր ծովը, ու ժայռէն ջուր բխեցուց եւ անոր բարձրացումով յաղթեցին Ամաղեկացիներուն»։

 

Աւարտին, ան աղօթք վերառաքեց առ Աստուած եւ խնդրեց Ամենակալէն, որ պահէ ու պահպանէ Լիբանանը, Սուրիան եւ մեր Հայրենիքը՝ Իր Ս. Խաչին նշանով։

 

Յայտնենք, որ Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհարանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը Cilicia TV-ին ճամբով փոխանցեց իր Հայրապետական պատգամը Սուրբ Խաչի Վերացման տօնին առիթով: