13 November, 2020

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանէն ներս, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք:

Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գծերով ներկայացուց Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերուն իր տալիք պատգամին գլխաւոր մտածումները: