4 November, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ ՀԵՏ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

Չորեքշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ պապական նուիրակ Ժոզէֆ Սփիթէրիի հետ, Արցախի Հանրապետութեան հարցին շուրջ։

Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն պարզեց Արցախի հարցը՝ իր պատմական ու քաղաքական երեսներով, յատկապէս ծանրանալով ստեղծուած ներկայ կացութեան ու անոր վտանգալից հետեւանքներուն Կովկասէն ներս:

Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Արցախը պատմական Հայաստանի նահանգներէն մէկը եղած է եւ երբե՛ք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանի: Պատմութեան ընթացքին եղած են ժամանակներ, երբ Արցախէն ներս հայերը ինքնավարութիւն հաստատած են: Փաստօրէն, Ստալինի միջամտութեամբ Արցախը իբրեւ ինքնավար շրջան մաս կազմած է Ազրպէյճանին: Սովետական միութեան փլուզումէն ետք, ինչպէս այլ շրջաններէ ներս, նաեւ Արցախի ժողովուրդը իր ինքնորոշման արդար իրաւունքը վերահաստատեց եւ որպէս անկախ հանրապետութիւն վերակազմակերպուեցաւ:

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հովանաւորութեամբ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի բանակցութիւններուն եւ անոնց ձախողութեան, Ազրպէյճանի անզիջող կեցուածքին պատճառով:

Խօսելով ներկայ պատերազմին մասին, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ Թուրքիոյ քաղաքական ու զինուորական միջամտութիւնը կացութիւնը աւելի վատթարացուցած ու բարդացուցած է, իսկ վարձկաններու ու ահաբեկիչներու մասնակցութիւնը պատերազմին առաւել եւս վտանգած է ամբողջ շրջանը: Հայրապետը նաեւ պարզեց Թուրքիոյ փանթուրանական ծրագիրը եւ անոր վտանգալից հետեւանքները, միաժամանակ յայտնելով, որ Ռուսիոյ հաւասարակշռուած մօտեցումը դժբախտաբար աւելի կը քաջալերէ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը եւ կը նպաստէ անոնց քաղաքական ծրագիրներուն:

Այս ընդհանուր խորքին վրայ, Վեհափառ Հայրապետը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին, որ երկու առիթներով իր հրապարակային խօսքին մէջ անդրադարձած էր Արցախի պատերազմին եւ զինադադարի կոչ ուղղած: Ապա, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ մեր ժողովուրդը կը սպասէ, որ Վատիկան աւելի ազդու դերակատարութիւն ունենայ՝ ճանչնալով Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, Քոսովոյի նման, իբրեւ հիմնական ու մնայուն լուծում Արցախի հարցին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին անվտանգութեան ապահովման: Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ ընդգծեց, որ բոլոր պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդը երբե՛ք պիտի չընդունի, որ Արցախը մաս կազմէ Ազրպէյճանի:

Պապական նուիրակը խոստացաւ անմիջապէս Վեհափառ Հայրապետին կողմէ արտայայտուած մտածումներն ու սպասումները փոխանցել Ֆրանսիս Պապին եւ Վատիկանի պատասխանատուներուն:

 

More News