Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Քիչ առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանին հետ, մօտէն հետաքրքրուելու սուրիահայութեան առնչուած հարցերով։ Առաջնորդ սրբազանը Նորին Սրբութեան զեկոյց մը տուաւ համաճարակին եւ տնտեսական կացութեան հայ կեանքէն ներս յառաջացուցած հետեւանքներուն։
 
 
Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ հաստատեց, թէ համաճարակով վարակուած հայորդիներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է եւ շատեր առողջացած են, սակայն տնտեսական տագնապը տակաւին կը շարունակուի: Այս առիթով, սրբազանը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վերջին շրջանին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ սուրիահայութեան կատարուած օժանդակութեան համար:
 
 
Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ մեր Ս. Աթոռը միշտ պատրաստ է իր աջակցութիւնը ընծայելու բոլոր շրջաններէն ներս հաստատուած Սուրիոյ հայ համայնքի զաւակներուն։