Անցնող օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին յաջորդաբար այցելեցին Պէյրութի փաստաբաններու համադաշնակցութեան նախագահ Մեթր Մլհեմ Խալաֆ եւ Ըրնէթ Շահուանի քաղաքական համախմբումի նախկին անդամներէն Սիմոն Քարամը:
Մեթր Մլհեմ Խալաֆի այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին ներկայացնել փաստաբաններու, համալսարանական շրջանակներու, քաղաքացիական հասարակութեան առնչուած կառոյցներու ու շարժումներու մասնակցութեամբ մշակուած Լիբանանի քաղաքական դրութեան բարեկարգութեան ծրագիր մը: Ան լայնօրէն բացատրեց ծրագիրին կենսական կէտերը եւ պարզեց իսլամ թէ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու դրական մօտեցումները:
Ողջունելով Լիբանանի բարեկարգութեան միտող որեւէ ծրագիր, Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է պահել Լիբանանի ինքնութիւնը կազմող համայնքներու գոյակցութիւնը, անոնց գործօն մասնակցութիւնը պետական կառոյցներուն, յարգել անոնց իրաւունքները եւ Լիբանանը հեռու պահել շրջանային թէ միջազգային տագնապներէ:
Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդունեց Ըրնէթ Շահուանի քաղաքական համախմբումի նախկին անդամներէն Սիմոն Քարամը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ընդհանրապէս շրջանը ու յատկապէս Լիբանանը դիմագրաւող տագնապներուն:
Յայտնենք, որ թէ՛ մեթր Խալաֆ եւ թէ Քարամ անդրադարձան Արցախի հարցին եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին: