Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՐԱԺԱՐԵԼՈՒ ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու ներկայութեան, հետեւեալ հայրապետական պատգամը կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն.-   Հայ ժողովուրդը խոր տագնապի մէջ է. պարտուած ըլլալու հոգեվիճակը զինք անորոշութեան ու յուսահատութեան մատնած է։ Արդարեւ, մեր զաւակներու արիւնով կերտուած ու ծաղկած Արցախին մեծ մասը կորսնցուցինք՝ հակառակ մեր հերոս բանակին ցուցաբերած…