Թեմերուն հետ ունեցած իր առցանց խորհրդակցութիւններուն առընթեր, Վեհափառ Հայրապետը անցնող օրերու ընթացքին նաեւ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ թեմերէն ներս ծառայող եւ համալսարաններուն մէջ ուսանող միաբան հայրերու հետ:
Նորին Սրբութիւնը վանաբնակ միաբաններուն հետ յաճախակի առիթներով առանձնաբար եւ հաւաքաբար հանդիպումներ կ’ունենայ, կը լսէ զիրենք, իրենց յանձնուած աշխատանքներուն մասին զեկոյցներ կը ստանայ եւ իր հայրական օրհնութիւնը եւ թելադրութիւնը կը կատարէ անոնց:
Թեմերու մէջ ծառայող միաբաններու հետ ունեցած առցանց զրոյցներու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մօտէն տեղեակ դարձաւ անոնց աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ ուսումնական աշխատանքներուն մասին, գնահատեց անոնց հաւատքով ու նուիրումով կատարուող ծառայութիւնը եւ անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց: Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց առաւել թափ տալ իրենց ժողովրդանուէր ծառայութեան՝ յիշեցնելով որ հայ հոգեւորականին մեծութիւնը, արժէքն ու արժանիքը միայն ծառայութիւնն է:
Յայտնենք, որ թեմական ծառայութեան մէջ գտնուող միաբաններէն ոմանք նաեւ կ’ուսանին, ինչպէս նաեւ ամբողջութեամբ ուսման նուիրուած միաբաններ ունինք Հռոմի, Աւստրալիոյ, Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին նաեւ ուսանողներ պիտի ունենաք Լիբանանի համալսարաններէն ներս: Յառաջիկայ ամիսներուն ոմանք պիտի վերադառնան թեմական ծառայութենէն, իսկ ուրիշներ պիտի մեկնին: