Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար զօրակցական հեռաձայններ ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեանէն, Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանէն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգիսեանէն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պոլսոյ Պատրիարքէն, թեմակալ առաջնորդներէն, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանէն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի պատասխանատու ազգայիններէն, ինչպէս նաեւ օտար հոգեւոր պետերէն ու միջ-եկեղեցական պատասխանատու անձնաւորութիւններէն։ Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Նորին Սրբութեան եւ անոր ընդմէջէն Լիբանանի հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը՝ սատար հանդիսանալու լիբանանահայութեան իրենց կարելիութեանց սահմաններէն ներս։
Յայտնենք, որ երէկ ուշ գիշերին, Հայրապետը նաեւ զօրակցական հեռաձայն մը ստացած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն։