27 July, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՏԻՏՂՈՍ ՇՆՈՐՀԵՑ ԱՆՈՐ

Լիբանանի թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Ուրբաթ, 24 Յուլիս 2020-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ փոխանցուած եռանուն նախընտրական ցանկէն թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ թեմակալ առաջնորդ։

 

Երեսփոխանական Ժողովի դիւանը տեղեակ պահելով Վեհափառ Հայրապետը ընտրութեան արդիւնքին մասին՝ հայցեց անոր վաւերացումը։ Հայրապետը վաւերացուց յիշեալ ընտրութիւնը եւ այս առիթով նորընտիր առաջնորդին շնորհեց արքութեան տիտղոս։

 

Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը նաեւ վաւերացուց Լիբանանի թեմի նորընտիր Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները։