ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

Մեր ժողովուրդը ծանր օրեր կ’ապրի: Անցնող 44 օրերու ընթացքին Արցախի մէջ կորսնցուցինք հերոս զինուորներ, մեր ժողովուրդի աղօթքով ու արիւնով շաղախուած սրբավայրեր ու եկեղեցիներ. մանաւանդ կորսնցուցինք հսկայ տարածքներ: Սակայն, չկորսնցուցինք մեր ժողովուրդի հաւատքն ու վերականգնելու կամքը:   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ իր Հայրապետական պատգամին մէջ ողջունեց մեր հերոս բանակին ցուցաբերած քաջ դիմադրութիւնը՝ ազերիական ու թրքական…