Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով յետ մահու պարգեւատրեց դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեանը:
Հանգուցեալը երկար տարիներ Լիբանանի կեդրոնական դրամատան փոխ կառավարիչ եղած է՝ հայ համայնքը ներկայացնելով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: