Վերջին օրերուն, Հալէպին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ կեանքէն ներս Քորոնա Վիրուս համաճարակը սկսած է լայն տարածում ունենալ: Վեհափառ Հայրապետը մօտէն կը հետեւի ստեղծուած կացութեան: Այս առաւօտ, Նորին Սրբութիւնը դարձեալ խորհրդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Մասիս Սրբազանին եւ համայնքին պատասխանատուներուն հետ:
Վեհափառ Հայրապետը նկատի ունենալով համայնքին կարիքները, անմիջապէս որոշ գումար մը փոխանցեց իրենց՝ գործածուելու համար դեղորայքի եւ առողջապահական կարիքներու: Յայտնենք նաեւ, որ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) կարգադրութեամբ, յառաջիկայ օրերուն անհրաժեշտ դեղորայքը պիտի ղրկուի Հալէպ:
Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն բոլոր գաղութներէն ու շրջաններէն ներս, որ բարձրագոյն աստիճանի զգուշաւորութիւն ցոյց տան համաճարակի գծով՝ հեռու մնալով, հաւաքներէ, խճողուած վայրերէ, միշտ դիմակ գործածելով եւ հետեւելով տեղւոյն իշխանութեան ցուցմունքներուն: