10 August, 2020

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, Կիրակի, 16 Օգոստոսը, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնն է: Յիշեալ տօնը նաեւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրն է: Ամէն տարի, Շաբաթ գիշեր, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեան, Ս. Աստուածածին Վանքի բացօթեայ խորանին վրայ կը մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ, խաղողի ու մատաղի օրհնութիւն եւ ապա, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր հայրապետական պատգամը կ’ուղղէ ժողովուրդին:

 

Այս տարի, նկատի ունենալով երկրէն ներս տիրող անբնական պայմանները, բացօթեայ Ս. Պատարագ պիտի չմատուցուի հաւատացեալներու ներկայութեամբ, սակայն Կիրակի առաւօտ, թէ՛ Անթիլիասի Մայր Տաճարին եւ թէ՛ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ եւ պիտի կատարուի խաղողի օրհնութիւն:

 

Վեհափառ Հայրապետին փափաքն է, որ այս առիթով ուխտ կատարելու մեր ժողովուրդին հոգելից աւանդութիւնը յարգուի եւ մեր հաւատացեալներուն առիթ տրուի իրենց ուխտը կատարելու: Այս գծով, կ’ուզենք հետեւեալ տեղեկութիւնները փոխանցել մեր ժողովուրդին.-

 

1) Երկուշաբթի 10 Օգոստոսէն մինչեւ Կիրակի 16 Օգոստոս, ամէն օր, առաւօտեան ժամը 7:00-ին եւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Առաւօտեան ու Երեկոյեան ժամերգութիւնները պիտի շարունակուին տեղի ունենալ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ:

 

2) Երկուշաբթիէն Կիրակի երկարող ժամանակահատուածին, Ս. Աստուածածին Վանքի մատուռը միշտ բաց պիտի մնայ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները առիթը ունենան Վանք այցելելու, Ս. Հաղորդութիւն ստանալու, մոմ վառելու եւ իրենց ուխտը կատարելու:

 

3) Շաբաթ, 15 Օգոստոսի գիշերուան ժամը 8:00-ին Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր համերգ՝ Դպրեվանքին «Արմաշ» երգչախումբին կատարողութեամբ՝ դարձեալ առանց ժողովուրդի ներկայութեան: Համերգը ուղիղ պիտի սփռուի Կաթողիկոսարանի Cilicia TV դիմատետրի (Facebook) էջին ճամբով:

 

4) Այս առիթով, անոնք որոնք կ’ուզեն իրենց ուխտը կատարել (ոչխար, հաւ, խաղող եւ նիւթական նուիրատուութիւն) կրնան դիմել (Երկուշաբթիէն մինչեւ Կիրակի) Անթիլիասի Մայրավանք եւ Ս. Աստուածածին Վանք՝ Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեանին:

 

5) Դարձեալ նկատի ունենալով տիրող պայմանները, այս տարի, փոխան մատաղի պատրաստութեան, ուխտի առիթով կատարուած նուիրատուութիւնները պիտի փոխանցուին մեր բարեսիրական հաստատութիւններուն:

 

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

 

More News