15 December, 2020

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ԳԱՐԼԱ ԽԻԺՈՅԵԱՆԸ

Երեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) մօտ 2007 թուականէն գործող Գարլա Խիժոյեանը:

 

Յայտնենք, որ Գարլա Խիժոյեանը 2002-2005 թուականներուն Կաթողիկոսարանի Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) վարչութեան ատենապետը եղած է: Նոյն տարիներուն Սեն Ժոզեֆ համալսարանի եւ ճեմարանի մէջ ֆրանսերէն լեզու ու գրականութիւն դասաւանդած է եւ ապա Ե.Հ.Խ.-ի կեդրոնատեղիին մէջ երիտասարդաց բաժանմունքի տնօրէնուհին եղած է։ Ներկայիս, ան Խորհուրդին ներկայացուցիչն է Միջին Արեւելքի առնչուած հարցերու գծով: Իր ներկայ պաշտօնին գծով ան յաճախակի այցելութիւններ կու տայ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ թէ իսլամ պատասխանատուներուն:

More News