11 September, 2020

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս հաստատ վճռակամութեամբ, երէկ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն վերականգնումի հրամայականը՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովին, լսելէ յետոյ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի զեկոյցները յիշեալ համայնքներու վերականգնումի աշխատանքներու մասին:

 

Լիբանանահայոց առաջնորդ սրբազանը, որպէս նախագահը Լիբանանահայութեան վերականգնումի յանձնախումբին, մանրամասն զեկոյց տուաւ՝ թիւերով, դէպքերով, հանդիպումներով եւ յայտարարութիւններով ներառուած, յանձնախումբի կատարած ու կատարելիք աշխատանքներուն մասին: Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով կատարուած աշխատանքը շեշտեց որ շուտով անհրաժեշտ է ամբողջացնել տուներու վերանորոգումը, որպէսզի ծրագրուի վերականգնումի յառաջիկայ հանգրուանները: Յայտնենք, որ Ժընեւի մէջ հաստատուած Լիբանանահայութեան վերականգնումի յատուկ հաշուեգլուխէն գումարներ կը փոխանցուին յանձնախումբին, որպէսզի ան կարենայ իր աշխատանքը լիովին կատարել:

 

Սուրիոյ հայ համայնքին մասին տրուած զեկոյցի ճամբով Վեհափառ Հայրապետն ու Կեդրոնական Վարչութիւնը գոհունակութեամբ իմացան, թէ հայ համայնքի վերականգնումը դրական ընթացքի մէջ է, Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ներս համաճարակի ազդեցութիւնը սկսած է լայն չափով նուազիլ, փոքր գործատեղիներուն կատարուած օժանդակութիւնը իր դրական արդիւնքը տուած է եւ համայնքային բոլոր կառոյցները աշխուժ աշխատանքի լծուած են:

 

Նորին Սրբութիւնը Կաթողիկոսութեան անունով իր բարձր գնահատանքը յայտնեց յիշեալ երկու կարեւոր համայնքներու վերականգնումի աշխատանքներուն լծուած թեմակալ առաջնորդներուն, Ազգ. իշխանութեանց եւ բոլոր կազմակերպութիւններուն: Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս վստահեցուց՝ առաջնորդ սրբազաններուն ճամբով Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութեան, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ գործնապէս նեցուկ կանգնիլ մեր համայնքներու վերականգնումին: Նորին Սրբութիւնը նաեւ յիշեցուց, որ անհրաժեշտ է միշտ տեղեակ պահել ժողովուրդը կատարուած աշխատանքներուն մասին: