Երեքշաբթի, 28 Յուլիս 2020-ին, Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տիկնանց Յանձնախումբին, գլխաւորութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանի։ Յանձնախումբը կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն.- Տիկ. Թամար Տէր Պետրոսեան, Տիկ. Սիլվա Սիսլեան, Տիկ. Մարօ Թազեան, Տիկ. Սիլվի Ագիլեան եւ Տիկ. Ալին Գէորգեան։
Այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր շնորհաւորել Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակը։ Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց յանձնախումբին, անցնող տարուան ընթացքին Դպրեվանքի սաներուն նկատմամբ ցուցաբերած հոգածութեան եւ զանազան ծրագիրներու օժանդակութեան համար։