Մեր ժողովուրդը ծանր օրեր կ’ապրի: Անցնող 44 օրերու ընթացքին Արցախի մէջ կորսնցուցինք հերոս զինուորներ, մեր ժողովուրդի աղօթքով ու արիւնով շաղախուած սրբավայրեր ու եկեղեցիներ. մանաւանդ կորսնցուցինք հսկայ տարածքներ: Սակայն, չկորսնցուցինք մեր ժողովուրդի հաւատքն ու վերականգնելու կամքը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ իր Հայրապետական պատգամին մէջ ողջունեց մեր հերոս բանակին ցուցաբերած քաջ դիմադրութիւնը՝ ազերիական ու թրքական հսկայ բանակին եւ միաժամանակ ընդհանուր գիծերով պարզեց մեր ժողովուրդին ու հայրենի պետութեան կողմէ առնուելիք յառաջիկայ անհրաժեշտ քայլերը:
Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամուր պահելու հրամայականը, որ աւելի քան կենսական է ներկայ ճգնաժամային հանգրուանին: Ան կոչ ուղղեց մերժելու Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած փաստաթուղթը, որ յղի է վտանգալից հետեւանքներով՝ Հայաստանի ու Արցախի հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան առնչուած: Բաժնելով ժողովուրդին ընդվզումը եւ սպասումը, Վեհափառ Հայրապետը հայրաբար թելադրեց հեռու մնալ երկրէն ներս անկայունութիւն յառաջացնող ցնցումներէ ու բռնութիւններէ եւ ժողովուրդին սպասումներն ու պահանջները իրագործել՝ յարգելով սահմանադրական սկզբունքներն ու գործընթացքները: Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս շեշտեց, թէ բոլորս համարատու ենք ժողովուրդին եւ ժողովուրդին կամքը ճշդորոշիչ դեր ունի բոլոր պարագաներուն եւ բոլոր պայմաններուն մէջ:
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովս ջերմօրէն կ’ողջունէ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը: Միաժամանակ, մեր կեանքի ներկայ ճակատագրական ժամանակներուն, մեկնելով մեր եկեղեցւոյ ներքին միասնականութիւնը պահելու նախանձախնդրութենէն, կը բաժնէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին այսօրուան յայտարարութեան մէջ պարզուած մտահոգութիւնները եւ առաջադրանքները, կարեւորութեամբ կ’ընդգծէ հոն տեղ գտած հետեւեալ սպասումները.- «Անցնող այս ժամանակահատուածում կայացուած որոշումների, հակամարտութեան այսօրինակ հանգուցալուծման եւ ազգային համերաշխութեան վերականգնման համար, միմիայն օրինականութեան նկատմամբ անվերապահ յարգանքով, պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն բոլոր պատկան մարմինների իրաւասու պաշտօնեաները՝ չբացառելով նաեւ հրաժարականների հաւանականութիւնը: Հարկ է պահպանել իրաւունքի գերակայութիւնը եւ քաղաքական բոլոր գործընթացները լուծման առաջնորդել Հ.Հ. սահմանադրութեան շրջանակներում…: Հարկ է ականջալուր լինել ժողովրդի ձայնին եւ հաղորդ հանրութեան հիասթափութիւններին եւ պահանջներին՝ գործել անձնական եւ կուսակցական շահերից վեր, պետական մտածողութեան բարձր գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ»:
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովս, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերը ներկայացնող վերին մարմին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու թելադրութեամբ կը յիշեցնէ մեր բոլոր թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ու ազգային իշխանութիւններուն, Վեհափառ Հայրապետի պատգամին մէջ արծարծուած մտածումներու ու կատարուած առաջադրանքներու հետեւողութեամբ, դառնալ ջատագով մեր ժողովուրդի միասնութեան, զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի ու Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ հետեւողական աշխատանք տանիլ Արցախի միջազգային ճանաչման: