Չորեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ամիս մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին եւ անոր հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կատարուած օժանդակութեանց ընդհանրապէս Լիբանանի ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ համայնքին։
Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց պայթումէն ետք գաղութին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տարուող աշխատանքները։ Ան գնահատեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ մէկ տարուան ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով կատարուած Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն օժանդակութիւնները եւ մարդասիրական առաքելութիւնը։
Յայտնենք, որ հիմնադրամին կատարած օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն բոլոր հայկական դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն՝ որպէս նուէր։ Իսկ Սուրիոյ պարագային, օժանդակութիւն պիտի յատկացուի նաեւ քորոնավիրուս համաճարակով վարակուած հայորդիներու բժշկական ծախսերուն։