Սոյն գրութիւնը խտացումն է Կիրակի, 9 Օգոստոս Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին: |
«Փա՛ռք քեզ, Աստուած, փա՜ռք քեզ. յաղաքս ամենայնի, Տէր, փա՜ռք քեզ»: Մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրեմ մեր եկեղեցւոյ աղօթքին այս պարզ սակայն խորիմաստ բառերով գոհութիւն ու փառք տալու մեր բոլորին Արարիչ Երկնաւոր Հօր: Միայն մեր դժուարութեան ու նեղութեան մէջ չդառնանք Աստուծոյ, այլ՝ միշտ: Փառք տանք Աստուծոյ մեր կեանքին, մեր ունեցած շնորհներուն, մեր կարելիութիւններուն ու յաջողութեան համար: Առանց Աստուծոյ պայծարակերպիչ ներկայութեան մեր կեանքը կը կորսնցնէ իր գոյութեան իմաստն ու նպատակը:
Այսօր, իմ հայրական պատգամիս մէջ կ’ուզեմ երեք հաստատումներ կատարել, եւ ապա հակիրճ կերպով անդրադառնալ իւրաքանչիւրին մասին:
Առաջին հաստատում.- Լիբանանի հայութիւն, մեր ողջ ազգը քեզի՛ հետ է: Արդ, մի՛ յուսահատիր, այլ՝ հաւատա՛ ու մնացիր վճռակամ եւ վերականգնումի յոյսով ու կամքով քալէ առաջ:
Իր պատմութեան ամէնէն դաժան պայմանները կ’ապրի այսօր Լիբանանի հայութիւնը: Ո՛չ միայն ականջալուր եղանք պայթումին յառաջացուցած մահերուն, վիրաւորներուն ու քանդումներուն մասին, այլ նաեւ՝ ականատես վկան: Ինչ որ տեսայ, վստահ եմ որ եղածը շատ աւելին է. ինչ որ լսեցի տակաւին շատ աւելին կայ ըսելիք ու լսելիք: Փաստօրէն պատահածը սովորական պայթում մը չէր, այլ՝ օտարներուն վկայութեամբ Հերոշիմայէն յետոյ այլապէս Հերոշիմա մը: Որպէս Լիբանանի նախկին առաջնորդ, 17 տարիներ ապրած եմ քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն ծանր օրերը: Ծառայած եմ մեր ժողովուրդին յաճախ հրթիռներու տակ ու ականներու մէջէն քալելով, նոյնիսկ աջ ձեռքէս փամփուշտ մը ստացած եմ: Այդ օրերուն նաեւ ականատես եղած եմ ռմբակոծումներու պատճառած վնասներուն: Սակայն, ինչ որ պատահեցաւ մի քանի օրեր առաջ աննախընթաց էր՝ իր տարողութեամբ, ծաւալով եւ պատճառած զոհերով ու քանդումներով: Արդարեւ, Պէյրութէն դէպի հիւսիս, արեւելք եւ հարաւ տարածուող շրջաններուն ու նաեւ Պէյրութի, Էշրէֆիէի, Մար-Մխայէլի, Հայաշէնի, Պուրճ Համմուտի, Հաճընի, Տորայի եւ մինչեւ «Թռչնոց բոյն» երկարող շրջաններու հայահոծ թաղերուն մէջ մահ ու սարսափ, քանդում ու աւեր տիրեց մի քանի վայրկեանի ընթացքին:
Այս դառն կացութեան դիմաց կարելի չէ չցաւիլ, չյուզուիլ եւ չպոռթկալ, թէ ինչո՛ւ նման ոճրային արարքներ տեղի կ’ունենան մարդ արարածներու կողմէ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար: Ես ալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ցաւեցայ եւ յուզուեցայ: Թող Աստուած իր երկնքի արքայութեան մէջ ընդունի մեր համայնքի եւ Լիբանանի բոլոր նահատակներու հոգիները: Թող Աստուած շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ բոլոր վիրաւորներուն:
Ժամանակը հասած է, որ այս դժուար օրերը շրջանցենք եւ սկսինք վերականգնումի գործընթացքին: Կը վստահեցնեմ ձեզի որ մեր ազգը ձեզի հետ՝ զօրակից, աջակից ու գործակից ձեզի: Վերականգնումը, սիրելի Լիբանանի հայութիւն, մեր կեանքին առջեւ բացուած միակ ճամբան է, ուրկէ մենք պիտի քալենք միասնաբար, ձեռք-ձեռքի, սիրտ-սիրտի, խոր հաւատքով, ամուր վճռակամութեամբ ու վառ տեսիլքով: Կը վստահեցնեմ ձեզի, որ մեր եկեղեցին, մեր միաբանութիւնը եւ ես անձնապէս պիտի քալենք ձեզի հետ միասին ու պիտի կատարենք ինչ որ կարելի է, որպէսզի շուտով Լիբանանի հայութիւնը դարմանէ իր վէրքերը, ամոքէ իր ցաւը եւ վերահաստատէ իր առանցքային տեղն ու դերը մեր ազգի կեանքէն ներս:
Երկրորդ հաստատում.- Լիբանանի հայութեան հզօրացումը Հայաստանին ու Սփիւռքին հզօրացումն է: Սա լոզունգ չէ, զգացական արտայայտութիւն չէ, տեսական յղացք չէ, այլ՝ փաստացի իրականութիւն: Լիբանանի հայութիւնը անցնող տասնամեակներուն, մեր ազգի կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս վճռադրոշմ դեր ունեցած է. իսկ Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ, թէ՛ Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին եւ թէ՛ Հայաստանի հայրենաշինութեան մէջ իր նշանակալից ներդրումն է կատարած: Ահա թէ ինչու, Լիբանանի հայութեան վերականգնումը համահայկական տագնապ, ծրագիր ու յանձնառութիւն պէտք է դառնայ:
Այս սպասումէն մեկնած եւ այս տեսլականով, Հայրապետական Մեր կոչին մէջ հրաւիրեցինք մեր ազգի բոլոր զաւակները ու բոլոր կառոյցները մասնակից դառնալու Լիբանանի հայութեան վերականգնումի հաւաքական աշխատանքներուն: Լիբանանի հայութիւնը տեսական թելադրանքներու կամ զգացական արտայայտութիւններու կարիքը չունի, այլ՝ հրամայական ու անմիջական անհրաժեշտութիւնը ունի նիւթական աջակցութեան: Կարիքները բազմազան են ու այլազան: Լիբանանի հայութեան վերականգնումի աշխատանքը պիտի ըլլայ հաւաքաբար, միասնաբար եւ ծրագրուած ու հետեւողական կերպով՝ մասնակցութեամբ ու օժանդակութեամբ Հայաստանի ու Արցախի պետութեան եւ մեր ազգի բոլոր կազմակերպութիւններուն ու զաւակներուն: Այս լրջութեամբ ու յանձնառութեամբ անհրաժեշտ է լծուիլ գործի:
Լիբանանէն ներս վերականգնումի աշխատանքը պիտի կատարուի երեք համայնքներու, կուսակցութիւններու ու բարեսիրական միութիւններու միասնական ճիգով: Աշխատանքները պէտք է կատարուին ծրագրուած ձեւով, իսկ ստացուած գումարներուն գործածութիւնը՝ թափանցիկ ու պատասխանատու եւ համադրուած ու համարատու կերպով: Այս է իմ սպասումս: Մենք միշտ այսպէս գործած ենք որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն եւ այս մօտեցումով պիտի հետեւինք կատարուելիք աշխատանքներուն:
Այս առիթով իմ խոր գոհունակութիւնս կ’ուզեմ յայտնել, որ Հայաստանի ու Սփիւռքի մեր պետական ու հոգեւոր բարձրաստիճան պատասխանատուները, մեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ու նաեւ օտարներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի հայութեան, ինչպէս նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը օժանդակութեան: Հայաստանի Վարչապետը քիչ առաջ դարձեալ հեռաձայնեց եւ Հայաստանի կառավարութեան զօրակցութիւնը վերահաստատեց: Անհրաժեշտ է, որ թէ՛ կատարուելիք նուիրատուութիւնները եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ կատարուելիք աշխատանքները պարագայական չըլլան, այլ ըլլան, կը շեշտեմ, ծրագրուած ու հետեւողական:
Երրորդ հաստատում.- Լիբանանի հայութիւնը պետութեան հետ է, ԱՅՈ՛, սակայն դէմ է՝ պետական իրենց պաշտօնները չարաշահող պատասխանատուներուն: Վերջին շուրջ վեց ամիսներու ընթացքին, յաջորդական երեք տագնապներ դիմագրաւեց Լիբանանը՝ Պսակաձեւ ժահրի տարածում, տնտեսական տագնապի ստեղծում եւ այս վերջին պայթումը: Յստակօրէն կ’ուզեմ ընդգծել, թէ վերջին երկու տագնապներու պատասխանատուները պետական պաշտօններ գրաւած անձերուն՝ իրենց պաշտօնին նկատմամբ ունեցած անպատասխանատու ու անպարկեշտ վերաբերումին, համարատուութեան պակասին եւ փտածութեան հետեւանք են:
Հարց կու տանք, ո՞ւր է ժողովուրդին գումարը որ վստահուած է դրամատուներուն. ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ նպատակներու այդ գումարները գործածուեցան: Այսօր, ժողովուրդը գործնապէս իր գումարին սեփականատէրը չէ: Ամիսներ կ’անցնին, սակայն ժողովուրդին դէմ գործուած մեղքին խոստովանութիւնը չի կատարուիր, ժողովուրդին դրամը շահագործած կամ անփոյթ կերպով գործածած անձերը կամ կառոյցները պատասխանատուութեան չեն կանչուիր: Ժողովուրդը հաշիւ կը պահանջէ:
Ինչ կը վերաբերի նաւահանգիստին մէջ պատահած ոճրային արարքին, հարց կու տանք, բոլո՛րս, ինչպէ՞ս տարիներ շարունակ մեծ քանակութեան պայթուցիկ ու թունալից նիւթեր կը պահուին առանց նախզգուշական միջոցներու, քաջ գիտնալով անոնց վտանգալից ըլլալը: Սա ի՞նչ անբարոյ ու անխիղճ վերաբերում է իրենց պատասխանատուութեան նկատմամբ: Այս ահաւոր ոճիրին ետին կեցող անձերը ի՜նչ խիղճով կը դիտեն իրենց պատճառած մահերը, վիրաւորները, քանդումները…: Ժողովուրդը հաշիւ կը պահանջէ եւ շուտո՛վ:
Միշտ ըսած ենք ու կը կրկնենք, եկեղեցին ժողովուրդին հետ է, իսկ եկեղեցականը, առաքեալին բնորոշումով, Քրիստոսի դեսպանն է (Բ.Կր 5.20): Ես չեմ կրնար լուր մնալ ժողովուրդը կեղեքող, ժողովուրդին տնտեսական կեանքը քանդող ու ապահովութիւնը վտանգող այս ոճիրներուն դիմաց: Մի քանի օրեր առաջ Լիբանանի նախագահը յայտարարեց, թէ Լիբանանի դատարանները բաց պիտի ըլլան բոլորին առջեւ: Կը յուսանք ու կը սպասենք: Սակայն, վստահ եղէք որ Լիբանանի դատարանները բաւարար տեղ պիտի չունենան դատեալները ընդունելու…:
Լիբանանի ժողովուրդը ոտքի ելաւ, սակայն տակաւին ազնիւ կը գտնուի: Զգո՛յշ, երբ ժողովուրդը վճռական կերպով փողոց իջնէ, փտածութեան մէջ խրած պատասխանատուներու աթոռները կը սկսին շարժիլ: Դիտեցէ՛ք ազգերու անցեալի ու ներկայի պատմութիւնը: Ժողովուրդը ենթակայ չէ պետական մարդոց, այլ՝ պետական մարդիկը իրենք ենթակայ են ու համարատու զիրենք ընտրող ժողովուրդին եւ բոլորս ենթակայ ենք երկրին օրէնքներուն: Հետեւաբար, Մենք կը պահանջենք, որ Լիբանանի տնտեսական վատառողջ կացութիւնը շուտով իր լուծման ընթացքը գտնէ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի պայթումին ետին գտնուող անձերը խստագոյն պատիժը կրեն:
Սիրելի ժողովուրդ հայոց, եկէք դարձեալ ու միշտ դառնանք Աստուծոյ եւ մեր եկեղեցւոյ աղօթքին բառերով ըսենք. «Տէ՜ր, երես մի՛ դարձներ մեզմէ: Տէր բարերար, կ’աղաչենք, օգնական եղիր մեզի: կը խնդրենք, որ խաղաղութեան հրեշտակդ ղրկես, որպէսզի մեզի պահպանէ փորձութիւններէ: Ամենակալ Տէր Աստուած մեր, փրկէ՛ մեզ եւ ողորմէ՛ մեզի. Ամէն»: