20 July, 2020

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔԷՋԵՐԸ ԱԶԵՐԻ ԿԱՅՔԱՀԷՆՆԵՐՈՒ (HACKER) ԹԻՐԱԽ

Անցնող օրերուն, երբ ազերի բանակը յարձակումներ իրագործեց Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն վրայ, այդ օրերուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կատարուած զօրակցական կոչերն ու արտայայտութիւնները ուղղուած հայոց բանակին, ըստ երեւոյթին անհանգստացուցած ըլլալով ազերիները, հակահայ քարոզչական արտայայտութիւններ ունեցան Վեհափառ Հայրապետին ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ։

 

Արդարեւ, այս առաւօտ, Կաթողիկոսարանի պաշտօնական կայքէջն ու ընկերային ցանցերու պաշտօնական էջերը թիրախ դարձան ազերի կայքահէններու (hacker-ներու)։ Շահագործելով Ս. Պատարագի մատուցման արարողութեան ժամանակը, անոնք կրցած էին ձեռք ձգել Կաթողիկոսարանի #Instagram-ի պաշտօնական էջը (@holyseeofcilicia)։

 

Սակայն, շնորհիւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի աշխատակիցներուն, կարելի եղաւ առաջքը առնել յիշեալ հակահայ յարձակումներուն եւ վերականգնել Instagram-ի պաշտօնական էջը։

More News