Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՀՐԱՅՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Ազնուական մարդու տիպար էր Հրայր Սողոմոնեանը՝ իր համեստ նկարագրով, իր անկեղծ մօտեցումով, իր յարգալից վերաբերումով։   «Բարի Սամարացի»ի տիպար էր Հրայրը՝ հեռու լուսարձակներէ բոլորին, անխտիր բոլորի՛ն օգնելու իր ազնուական ոգիով։ Իր կեանքի բառարանին մէջ «ոչ» բառը գոյութիւն չունէր։   Ամբողջական ու անմնացորդ նուիրումով ազգին ծառայող տիպար մըն էր Հրայրը՝ իր ստանձնած պաշտօնները բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ…