22 Հոկտեմբերի, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2020-ին գումարեց իր 48-րդ նիստը, որուն ընթացքին եռանուն ցանկէն գաղտնի քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ իբրեւ թեմակալ առաջնորդ ընտրեց թեմին առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։

 

Այս առիթով, ընտրութեան արդիւնքին մասին Երեսփոխանական Ժողովը տեղեակ պահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ անկէ հայցեց սրբազան հօր ընտրութեան վաւերացումը։

 

Արդարեւ, Երկուշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2020-ին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին ուղղած իր Հայրապետական Գիրով Նորին Սրբութիւնը վաւերացուց առաջնորդական ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր առաջնորդին՝ անոր վստահուած առաքելութեան մէջ։ Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նախորդ առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, անցնող 25 տարիներուն անոր նուիրեալ ծառայութեան համար։

 

Յայտնենք, որ նորընտիր առաջնորդ սրբազանը ծնած է 1986 թուականին, Պէյրութ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլէճին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք մուտք գործած է 1997-ին եւ աւարտելով անոր կրթական-ուսումնական ծրագիրը, 2006-ին ձեռնադրուած եւ օծուած է կուսակրօն քահանայ՝ դառնալով անդամ Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան։ Վարդապետական գաւազան ստացած է 2010-ին՝ պաշտպանելով «Նզովքը Հայ Եկեղեցւոյ Մէջ» նիւթով թեզը։ Ապա, 2016-ին, «Ատանայի Հայոց Թեմը» նիւթը իբրեւ թեզ պաշտպանած է եւ ստացած է Ծայրագնութեան աստիճան։ Հետեւած է երաժշտական ուսմանց Պէյրութի, Երեւանի եւ Անգլիոյ մէջ, եւ մասնակցելով Ուէյլզի Սէյնթ Մայքըլ դպրեվանքին մէջ աստուածաբանական խտացեալ դասընթացքներու՝ ուսումնասիրած է Անկլիքան եկեղեցւոյ ծէսն ու երաժշտութիւնը։

 

Մայրավանքէն ներս առաջնորդ սրբազանը ստանձնած է զանազան պատասխանատուութիւններ՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ, Մայր Տաճարի դպրապետ եւ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» եւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբերու խմբավար, Կաթողիկոսութեան «ՀԱՍԿ» պաշտօնական ամսագրի խմբագիր, ինչպէս նաեւ եղած է Դպրեվանքի տեսուչ։

 

2017-ին ան նշանակուած է Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդական փոխանորդ։ 2018-ին ստացած է եպիսկոպոսական օծում՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

 

More News