17 August, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ՔԻՐԻԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երկուշաբթի, 17 Օգոստոս 2020-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ռուս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Քիրիլ պատրիարքին ներկայացուցիչը։ Ան Նորին Սրբութեան փոխանցեց պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, ինչպէս նաեւ անոր անձնական նամակը՝ ուղղուած Վեհափառ Հայրապետին:

 

Յիշեալ նամակին մէջ Քիրիլ պատրիարք իր ցաւը կը յայտնէ շաբաթ մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով զոհուած հայերուն, վիրաւորներուն եւ պայթումին պատճառած վնասներուն գծով: Ան նաեւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Նորին Սրբութեան ճամբով Լիբանանի հայութեան:

 

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը եւ Քիրիլ պատրիարքը շուրջ 40 տարիներ միասին գործակցած են Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն ներս:

 

Յիշենք, որ այսօր Նորին Սրբութիւնը նման նամակ մը ստացաւ նաեւ Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետէն:

 

Հանդիպումին ներկայ էր Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան: