29 October, 2020

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

20-22 Հոկտեմբեր 2020-ին առցանց տեղի ունեցաւ Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Համագումարին (Conference of Secretaries օf Christian World Communions) տարեկան ժողովը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը։

 

Հայր սուրբը ժողովականներուն ներկայացուց Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական ծիրին առնչուած նախաձեռնութիւնները, մարտահրաւէրները եւ ապագայի ծրագիրները։ Ան խօսեցաւ Լիբանանի մէջ եւ ի մասնաւորի լիբանանահայ գաղութին մօտ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով ստեղծուած կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ շուրջ ամիսէ մը ի վեր Արցախի դէմ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի սկսած պատերազմին մասին, եւ անոնցմէ խնդրեց, որ իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն հայ ազգը։

More News