Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու միացեալ նիստ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Հանդիպումին ներկայ էին յիշեալ երկու ժողովներու Լիբանանի ներկայ անդամները:
Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով ու նախագահութեամբ գումարուած ժողովին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը ամփոփ գծերով ներկայացուց Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք իր կողմէ կատարուած աշխատանքները.- այցելութիւններ հայկական թաղեր ու եկեղեցիներ, հանգանակութեան կոչ, գնահատանքի ու շնորհակալութեան նամակներ՝ իր կոչին ընդառաջած ազգայիններուն ու ազգային մարմիններուն, եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին ու Ազգ. Իշխանութեան կողմէ կատարուելիք աշխատանքներուն հետապնդում: Ապա, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան մանրամասն զեկոյց մը տուաւ՝ Լիբանանահայութեան Վերականգումի Յանձնախումբին կազմութեան, ենթայանձնախումբերու գործունէութեան, կատարուած վնասներու արժեւորման եւ այլ յարակից հարցերու շուրջ: Սրբազանին զեկոյցէն ետք կատարուեցաւ ընդհանուր քննարկում:
Ամփոփելով կատարուած քննարկումները՝ Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ կէտերը ընդգծեց.-
1) Գնահատելի աշխատանք կատարուած է առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգ. Իշխանութեան կողմէ եւ վստահաբար նոյն ոգիով ու նուիրումով պիտի շարունակուի այս յոյժ կենսական աշխատանքը:
2) Ընդառաջելով Նորին Սրբութեան կոչին, լիբանանահայութեան օժանդակութեան գծով պատրաստակամութիւն կայ Հայաստանէն, Արցախէն, թեմերէն ու գաղութներէն ներս, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու ու անհատներու մօտ: Ողջունելի այս երեւոյթը պէտք է իր շօշափելի արտայայտութիւնը գտնէ:
3) Առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ լիբանանահայութիւնը իր ամբողջութեանը մէջ ներկայացնող յանձնախումբ մը արդէն լծուած է աշխատանքի: Յանձնախումբին մաս կը կազմեն երեք համայնքներ, երեք կուսակցութիւններ եւ երեք բարեսիրական միութիւններ: Հետեւաբար, լիբանանահայութեան վերականգնումի առնչուած բոլոր աշխատանքները պէտք է կատարուին յիշեալ յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ կամ անոր կողմէ հովանաւորուած կամ ներդաշնակուած: Այլ խօսքով, կազմակերպութիւններու կամ անհատներու կողմէ կատարուած օժանդակութիւնները, որոնք գնահատելի են, պէտք է ներդաշնակուին յանձնախումբին հետ, որպէսզի համայնքին վերականգնումի գործընթացքը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու հեզասահ:
4) Կաթողիկոսարանը լիբանանահայութեան վերականգնումի օժանդակութեան յատուկ հաշուեգլուխ մը բացած է Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ եւ զանազան առիթներով յիշեալ հաշուեգլուխը յայտարարուած է: Այս հաշուեգլխուն եկող գումարները ուղղակիօրէն եւ անմիջականօրէն պիտի փոխանցուին Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ Լիբանանի մէջ չորս դրամատուներու մէջ բացուած յատուկ հաշուեգլուխներուն, որպէսզի փոխանցումը ըլլայ կազմակերպ ու արագ: Այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ յիշեցնել, որ լիբանանահայութեան վերականգնումի համար հաւաքուած բոլոր գումարները, բոլոր կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն կամ անհատներուն կողմէ պէտք է փոխանցուին կա՛մ Կաթողիկոսարանին կողմէ բացուած ժընեւի հաշուեգլխուն եւ կամ նոյն նպատակին համար «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի կողմէ բացուած յատուկ հաշուեգլխուն: Լիբանանահայութեան վերականգնումի ի նպաստ կատարուող հանգանակութիւնները պէտք է ուղղուած ըլլան Լիբանանահայութիւնը ներկայացնող վերոյիշեալ յանձնախումբին:
5) Ցարդ շուրջ 600.000 ամերիկեան տոլարի եկամուտ եղած է լիբանանահայութեան վերականգնումին համար: Յիշեալ գումարները արդէն իսկ Ժընեւէն փոխանցուած են Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ բացուած հաշուեգլուխներուն: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է շուտով սկսիլ վերաշինութեան աշխատանքներուն եւ այս ծիրէն ներս հարկ է յստակ առաջնահերթութիւն տալ մեր ընտանիքներուն վնասուած տուներուն, ապա միայն եկեղեցիներուն, կրթական օճախներուն եւ համայնքային կեդրոններուն:
6) Լիբանանահայութեան վերականգնումին առնչուած է նաեւ ժողովուրդին կենցաղային կարիքներուն օգտակար ըլլալու մեր ճիգը: Երկրէն ներ ստեղծուած տնտեսական պայմաններուն հետեւանքով անցնող շաբաթներուն թէ՛ Կաթողիկոսարանը, թէ՛ Ազգ. Առաջնորդարանը եւ թէ՛ կազմակերպութիւնները գնահատելի աշխատանք տարին այս ուղղութեամբ: Պէտք է շարունակուին այս աշխատանքները: Այս ուղղութեամբ հարկ է յատուկ գնահատանքով անդրադառնալ Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին կողմէ մէկ միլիոն տոլարի համարժէք կատարուած օժանդակութեան՝ 3000 ընտանիքներու: Օժանդակութեան այս ծրագիրը արդէն իսկ սկսած է՝ իրենց անմիջական հսկողութեամբ եւ յատուկ մարմնի ճամբով:
Ամփոփելով իր խօսքը, Հայրապետը ըսաւ, որ «ըսած ենք ու կը կրկնենք, լիբանանահայութեան վերականգնումը համահայկական առաջնահերթ յանձնառութիւն է ու պէտք է զայն իրագործել միասնաբար: Իւրաքանչիւր հայ, գաղութ, թեմ ու կազմակերպութիւն այս գծով ընելիք ունի՝ մասնակից դառնալով այս անյետաձգելի աշխատանքին»: