ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանէն ներս, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք: Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գծերով ներկայացուց Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերուն իր տալիք պատգամին գլխաւոր մտածումները:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։     Արդարեւ, նախագահը Նորին Սրբութեան առաջարկեց, որ յաջորդ Կիրակին՝ 22 Նոյեմբերը, յայտարարուի արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր եւ աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ կատարուի յիշատակի արարողութիւն։     Յայտնենք, որ…