Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2020-ին, Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, ընկերակցութեամբ Թիֆլիսի «Ալիք» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արսէն խառատեանի։

Հանդիպման ընթացքին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ յատկապէս անցնող շաբթուան ընթացքին ազերիներուն կողմէ կատարուած յարձակումը Տաւուշի մարզի սահմանագիծին վրայ։