Մեծայարգ
Տիար Արայիկ Յարութիւնեան
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունենք Ձեզ:
2 Սեպտեմբեր թուականը ողջ հայութեան համար ցնծութեան օր է: Արդարեւ, 29 տարիներ առաջ Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդը իմաստութիւնը ու քաջութիւնը ունեցաւ իր պատմական հայրենիքին մաս կազմող Արցախի հողին վրայ իր անկախութիւնը վերահաստատելու: Արցախի անկախութեան հռչակումը մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքին ու ամուր վճռակամութեան շօշափելի արտայայտութիւնն էր:
Անցնող 29 տարիներուն Արցախը դարձաւ ոչ միայն Արցախի հայութեան, այլ համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը: Մեր ազգի զաւակները մասնակից դարձան, Արցախի հայութեան կողքին, Արցախի հզօրացման ձգտող այլազան ու բազմազան ծրագիրներու իրագործման:
Արցախի անկախութեան նշումը ուրախութեան ու հպարտութեան կողքին նաեւ պէտք է դառնայ յիշեցումի օր մեր ժողովուրդին համար: Արդ, հայոց բանակին կողքին ըլլալը, Արցախի զարգացման գործօն մասնակցութիւն բերելը, Արցախի իրաւաքաղաքական իրաւունքները պաշտպանելը պէտք է շարունակէ մնալ իւրաքանչիւր հայու սրբազան պարտաւորութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ Արցախի մեր ժողովուրդին ու պետութեան կողքին՝ վերանորոգ նուիրումով իր ներդռումը կատարելով Արցախի հզօրացման աշխատանքներուն:
Այս առիթով, մեր Հայրական սէրը ու Հայրապետական օրհնութիւնը կը փոխանցենք Ձեզի, պարոն նախագահ, Ձեր գլխաւորած կառավարութեան, Արցախի սահմանները տիւ ու գիշեր պաշտպանող հայոց արի բանակին եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն: Թող Աստուած իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ, պահպանէ ու հզօրացնէ Արցախի Հանրապետութիւնը:
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Անթիլիաս, Լիբանան
2 Սեպտեմբեր 2020