«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄԵՐԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ ԵՆ ՈՒ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ՝ ՀԱԿԱՌԱԿ ՆԵՐԿԱՅ ԴԺՈՒԱՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս հաստատումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անցնող երկու շաբաթներու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն հետ ունեցած իր առցանց խորհրդակցութիւններէն ետք: Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը իւրաքանչիւր թեմի հետ առանձնաբար աւելի քան ժամ մը առցանց խորհրդակցութիւն ունեցաւ, թեմակալ առաջնորդին ու Ազգային Վարչութեան ատենապետին հետ միատեղ: Խորհրդակցութեան ընթացքին նախ թեմի պատասխանատուները զեկուցեցին կատարուած աշխատանքներուն ու յառաջիկայ…