29 October, 2020

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՆԿԼԻՔԱՆ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

27 Հոկտեմբեր 2020-ին, Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբը իր այս տարուան ժողովը առցանց գումարեց՝ մեկնելով քորոնա ժահրին ստեղծած կացութենէն։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն ժողովին մասնակցեցան Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեան բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանն ու քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանը։

 

Իր ներկայացումին մէջ, հայր Հրանդ նշեց, որ քորոնա ժահրի համաճարակին կողքին, Կաթողիկոսութեան առջեւ բացուած են այլ մարտահրաւէրներ՝ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթում, որուն հետեւանքով Լիբանանի հայ գաղութը մեծ վնասներ կրեց, եւ շուրջ ամիս մը առաջ Արցախի վրայ թուրք-ազերիական պատերազմ։ Հայր սուրբը յանձնախումբի անդամներուն մանրամասնօրէն ներկայացուց Արցախեան գոյապայքարը եւ անոնցմէ խնդրեց, որ իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն հայ եկեղեցին, ազգն ու զինուորները։

 

Աւարտին, հայր Զարեհը կատարեց ժողովի փակման աղօթքը եւ «Տէր ողորմեայ»ի երգեցողութեամբ ժողովականները խաղաղութիւն ու անդորրութիւն մաղթեցին Արցախին, Հայաստանին եւ աշխարհին։

More News