Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան նորանշանակ վարչութեան, գլխաւորութեամբ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի: Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանի հայութեան վերականգնումին գծով Նորին Սրբութեան նախաձեռնութեան ու հայրապետական կոչին: Ապա, վարչութիւնը պարզեց կուսակցութեան դիմագրաւած ներքին դժուարութիւնները, վերջին շրջանին իրենց առած կարգ մը որոշումները եւ ապագայի հեռանկարները:
Առաջին հերթին, Հայրապետը գնահատեց կուսակցութեան պատրաստակամութիւնը գործնապէս մասնակցելու Լիբանանի հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն՝ շեշտելով, որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումը համազգային նշանակութիւն ունի եւ անհրաժեշտ է, որ համազգային ճիգով կատարուի: Ապա, ան ընդգծեց Ռամկավար կուսակցութեան կարեւոր դերը ընդհարապէս հայ ժողովուրդի ու յատկապէս Սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս: Կուսակացութիւնը կարեւոր ներդրում ունեցած է հայ կեանքի պահանջատիրական, մշակութային, կրթական եւ այլ բնագաւառներէն ներս: Հետեւաբար, մեր ջերմ թելադրութիւնն է ձեզի, որ վերակազմակերպուիք, որպէսզի վերանորոգ կենսունակութեամբ շարունակէք ձեր համազգային առաքելութիւնը, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ան նաեւ յայտնեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ նեցուկ կը կանգնի, միւս կուսակցութիւններու կարքին, նաեւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ազգանուէր ու հայրենակերտ առաքելութեան: