28 October, 2020

«ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄՆԱՅՈՒՆ ԼՈՒԾՄԱՆ ՄԻԱԿ ՄԻՋՈՑԸ ՄԻԱՋԱԶԳԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄՆ Է» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանեան Ոյժեր կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած պետական երեսփոխաններէ եւ նախկին նախարարներէ։

 

Պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր յանուն Տոքթ. Սամիր Ժահժահի եւ Լիբանանեան Ոյժեր կուսակցութեան զօրակցութիւնը յայտնել հայութեան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ շղթայազերծուած պատերազմին առիթով։

 

Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն բացատրեց Արցախի պատմութիւնը՝ շեշտելով, թէ Արցախը երբե՛ք Ազրպէյճանի մաս չէ կազմած, ինքնավար եղած է եւ անոր հարցի մնայուն լուծման միակ միջոցը միաջազգին ճանաչումն է։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիան ժխտական դեր կը կատարէ թէ՛ զինուորական եւ թէ՛ քաղաքական իմաստով՝ նեցուկ կանգնելով Ազրպէյճանին եւ այդ ճամբով կը ձգտի իր ներկայութիւնը հաստատել Կովկասէն ներս։

More News