ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը։ Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը զեկուցեց Արցախի պատերազմին առնչուած զարգացումներուն, պատասխանատուներուն հետ իր հաստատած կապերուն, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական ծիրէն ներս իր կատարած աշխատանքներուն մասին, ի պաշտպանութիւն Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման եւ զինադուլի հաստատման։ Կրօնական Ժողովը վերահաստատեց իր…