Ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:
Հանդիպումը առիթ եղաւ քննարկելու ազերիական-թրքական շարունակուող յարձակումները Արցախի Հանրապետութեան դէմ՝ հակառակ վերջերս կրկին հաստատուած զինադադարին, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքին կեցուածքը Արցախի հարցին նկատմամբ։