Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Վեհափառ Հայրապետը Թռչնոց Բոյն իր անակնկալ այցելութեամբ ուրախացուց փոքրիկները, որոնք Հայրապետին շուրջ հաւաքուելով պատմեցին իրենց առօրեային մասին, մտերմիկ զրոյցներ ունեցան անոր հետ եւ շնորհակալութեամբ ստացան անոր բերած նուէրները։
Նորին Սրբութիւնը նաեւ շրջեցաւ որբանոցը եւ մօտէն տեղեկացաւ շինարարական աշխատանքին, սննթամթերքի ապահովութեան, ինչպէս նաեւ փոքրիկներուն կազմաւորման համար տեղի ունեցող զանազան ծրագիրներուն մասին։