Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ ՕԳՆԵԼՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ

Քորոնա ժահրին ու տնտեսական դժուարութեան ստեղծած տխուր պայմաններուն մէջ, ողջ մարդկութիւնը կը պատրաստուի նշելու Նոր Տարին։ Յիշեալ տագնապներուն առընթեր, Արցախի պատերազմին յառաջացուցած ցնցումը ահաւոր է մեր ժողովուրդին ու յատկապէս Արցախի մեր ազգակիցներուն համար։

Արդ, մեկնելով մեր քրիստոնէական ու ազգային նախանձախնդրութենէն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կոչ կ’ուղղէ Նոր Տարուան ու Սուրբ Ծննդեան տօներու առիթներով հեռու մնալու աւանդական հրապարակային տօնախմբութիւններէ ու խրախճանքներէ եւ մեր կատարելիք ծախսերը ու նուէրները յատկացնելու Արցախի կարիքաւոր մանուկներուն։

Այս նպատակին համար Կաթողիկոսարանը յատուկ հաշիւ բացած Է Զուիցերիոյ մէջ, որպէսզի կատարուելիք նուիրատուութիւնները հոն փոխանցուին՝ կա՛մ ազգային առաջնորդարաններուն ճամբով եւ կամ ուղղակի, հետեւեալ դրամատնային հաշիւին.-

Account: W-502039.005
Beneficiary: Armenian Catholicosate of Cilicia
Iban: CH93 08755 0502 0390 0500
Bank: Banque Pictet & Cie SA, Route des Acacias 60, CH-1211 Geneva 73
Swift: PICTCHGG
Reference: Fund for the Needy Children of Artsakh

Գոյացած գումարը Կաթողիկոսարանի ճամբով պիտի փոխանցուի Արցախի կարիքաւոր մանուկներուն։

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը 2021 տարին հռչակեց «Արցախի Տարի»։ Յիշեալ ծրագիրը առաջին գործնական քայլը կը հանդիսանայ Արցախի վերականգնման ու մեր ընտանիքներու բարօրութեան նպաստող մեր հաւաքական զօրակցութեան։

14 Դեկտեմբեր 2020
Անթիլիաս, Լիբանան