ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Պէյրութի պետական երեսփոխանները ներկայացնող յանձնախումբին՝ բաղկացած հայ թէ այլ համայնքներու պատկանող երեսփոխաններէ: Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին պարզել Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող, նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով վնասուած ընտանիքներու օժանդակութեան ծրագիրը:

 

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց յիշեալ ծրագիրը, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ կարելի բոլոր միջոցներով եւ շուտով գործադրութեան դրուի ծրագիրը անձրեւաբեր եղանակին սկսելէ առաջ: Այս ծիրին մէջ Հայրապետը յիշեցուց, որ մեծ թիւով հայկական ընտանիքներ ու տուներ վնասուած են պայթումին հետեւանքով, յատկապէս էշրէֆիէյի, Հայաշէնի, Ճէիթաուիի, Մար Մխայէլի, Հաճընի եւ Պուրճ Համմուտի մէջ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ կարեւորութեամբ նկատի առնուին նաեւ հայկական թաղամասերը, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը: