5 November, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԻՍԻ ԼԱ ՄՈՒԼԻՆՕ ՔԱՂԱՔԻ ՓՈԽ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ

Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ ընկերակցութեամբ Իսի Լա Մուլինօ (Ֆրանսա) քաղաքի փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեանին:

 

Յայտնենք, որ փոխ քաղաքապետին նախաձեռնութեամբ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն սննդեղէնի ու հագուստեղէնի հայթայթման ծրագիր մը իրականացուած էր: Ան Լիբանան ժամանած էր այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ աշխատանքներ կատարելու:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատանքին՝ շեշտելով, որ փոխադարձ օժանդակութիւնը ընդհանրապէս մարդկային ու յատկապէս քրիստոնէական կրօնքի ամէնէն հիմնական արժէքներէն մէկն է:

 

Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխարհատարած գործունէութեան եւ յատկապէս այս օրերուն Արցախի զօրակցութեան գծով անոր աշխատանքներուն:

More News