Հ.Յ.Դ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Առնուած «Ազդակ» օրաթերթէն
**********

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» ծրագիրը մեկնարկած էր տասը օր առաջ։ Այս ծիրին մէջ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի «Երկիր» հիմնադրամը պատրաստած է սննդամթերքի 1000 արկղներ, որոնք արդէն հասան Պէյրութի օդակայան եւ շուտով պիտի տրամադրուին հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Այս առիթով Լիբանան ժամանեցին նաեւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն Մարմնի անդամ Աշոտ Սիմոնեան։

 

Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբերի առաւօտեան Իշխան Սաղաթէլեան եւ Աշոտ Սիմոնեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեանի եւ Մելիք Գարագաւորեանի, այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը առաջին հերթին ներկայացուց «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան» ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ այս իմաստով շեշտեց ստեղծուած ճգնաժամին մէջ Լիբանանի համայնքին սատար ու զօրավիգ հանդիսանալու Հ.Յ.Դ. հայաստանեան կառոյցին ամբողջական պատրաստակամութիւնը։

 

Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց Գերագոյն Մարմինի նախաձեռնութիւնը՝ հաստատելով, որ այս օժանդակութիւնը, անկախ իր նիւթական արժէքէն, ունի բարոյական խորիմաստ նշանակութիւն եւ գործնապէս կու գայ ապացուցելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան հարազատ դրսեւորումը։

 

Ի. Սաղաթէլեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա․ Կաթողիկոսին՝ լիբանանահայ համայնքին հանդէպ ունեցած հոգատարութեան ու գուրգուրանքին, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան վերականգնումին համար Վեհափառին նախաձեռնած ու հովանաւորած համահայկական նուիրահաւաքի աշխատանքին, որուն արձագանգած են Հայաստանը, Արցախը եւ արտերկրի բոլոր համայնքները։ Այս առիթով Արամ Ա․ Վեհափառ շեշտեց լիբանանահայ համայնքի վերականգման անհրաժեշտութիւնը եւ անոր համահայկական դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ հաստատելով, որ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հայ համայնքները տակաւին մեծ առաքելութիւն ունին կատարելիք մեր ժողովուրդի համահայկական եւ համազգային տեսլականներու իրականացման գործին մէջ։ Հետեւաբար, ան շեշտեց, որ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներու յաղթահարումը եւ այդ աշխատանքին հանդէպ ցուցաբերուած համահայկական զօրակցութիւնը ունի կենսական նշանակութիւն։

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ խորհրդակցելու Հայաստանի եւ Արցախի ժամանակակից հրատապ խնդիրներուն մասին։ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը Վեհափառին փոխանցեց Հայաստանի ներքաղաքական կացութեան գծով կուսակցութեան տեսակէտներն ու դիրքորոշումները։ Կաթողիկոսը իր կարգին անհրաժեշտ նկատեց Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու առողջ ու նպատակաուղղուած հունաւորումը եւ այս ծիրին մէջ աշխատանքային գործադաշտերու լայն հնարաւորութեանց ստեղծումը։