Վեհափառ Հայրապետը իր 26 Օգոստոս 2020 թուակիր պաշտօնագրով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ նշանակեց Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանը: Հայրապետին տնօրինումով, վերջին չորս տարիներուն որպէս Դպրեվանքի տեսուչ ծառայած է Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը եւ պիտի առաքուի թեմական ծառայութեան:
Մեղրիկ Սրբազանը անցնող տարիներուն վանական թէ թեմական զանազան պաշտօններ վարած է եւ յատկապէս երաժշտական մարզէն ներս կարեւոր վաստակ ունեցած է: