Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՄԻԱՆԱԼՈՒ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵԼՈՒ

Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան նորանշանակ վարչութեան, գլխաւորութեամբ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի: Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանի հայութեան վերականգնումին գծով Նորին Սրբութեան նախաձեռնութեան ու հայրապետական կոչին: Ապա, վարչութիւնը պարզեց կուսակցութեան դիմագրաւած ներքին դժուարութիւնները, վերջին շրջանին իրենց առած կարգ…