Ուրբաթ, 31 Յուլիս 2020-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանը եւ Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու եւ տնտեսական ու կրթական խորհուրդներու դիւանները:
Առաջնորդ Սրբազանը թեմին անունով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր առաջնորդ ընտրութեան առիթով շնորհած էր արքութեան տիտղոսը: Ապա, սրբազանը ներկայացուց թեմին դիմագրաւած դժուարութիւնները ու յառաջիկայ ծրագիրները:
Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս ողջունեց առաջնորդ սրբազանին, ինչպէս նաեւ թեմական մարմիններու ընտրութիւնները եւ շեշտեց ժողովուրդին կեանքէն ներս եկեղեցւոյ ծառայական ներկայութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը: Այս շրջագիծէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւնը շարունակելու կարեւորութեան եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց զուիցերիաբնակ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին, որուն իշխանական նուիրատուութեամբ յանձնառու դարձած է իւրաքանչիւր ամիս 3000 ընտանիքի օգտակար ըլլալ:
Հայրապետը նաեւ ընդգծեց կրթական կեանքին յատուկ ուշադրութիւն ընծայելու անհրաժեշտութիւնը: Այս առիթով, ան նաեւ յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ պատրաստ է գործնապէս սատարելու Լիբանանի հայ համայնքի բոլոր ծրագիրներուն: