27 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազէնը:
Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ Լիբանանէն ներս ստեղծուած տնտեսական, մարդասիրական ու քաղաքական կացութիւնը եւ այդ գծով Վատիկանի մօտեցումն ու դերակատարութիւնը:
Նորին Սրբութիւնը իր մտածումները եւ սպասումները յայտնեց դեսպանին, առաջարկելով որ դեսպանը իր կարգին զանոնք փոխանցէ վատիկանի պատասխանատուներուն: